Читать бесплатно книгу «Թէոդորոս Ռշտունի» Ծերենց полностью онлайн — MyBook
image

Ծերենց
Թէոդորոս Ռշտունի

ԳԼՈՒԽ Ա

Ազնիւ Բարեկամին

ՏՕՔՏՕՌ ՌՈՄԱՆ ՊԱՒԼՈՎԻՉ ՆԱԴԻՐԵԱՆՑԻ

ՆՈՒԻՐԷ ԶԱՅՍ ԵՐԿ

ԾԵՐԵՆՑ

ԳԼՈՒԽ Ա

Փոքրիկ խումբ մը տասը-տասներկու ձիաւորաց, շտապաւ Բագրեւանդայ արեւելեան կողմը` Կ'ոգովիտի հիւսիսը կը դիմէր, ժամանակը երեկոյեանալու մօտ էր, եւ յայտնի կ'երեւար թէ այդ խումբը բաւական հեռուեն կ'ուգար` երբ դիտող աչք մը նկատէր լռութիւնը, որ յոգնածութեան հետեւանք էր, արեւեն այրած կերպարանքները եւ փոշին, որ ամէնուն ըզգեստները կը ծածկէր եւ ձիերուն քրտինքը, որ կը թորէր:

Պատանի մը շքեղ հագուած, գեղեցիկ նժոյգի մը վրայ նստած կը ձիավարէր. իւր կերպարանաց փափկութեան ու գեղեցկութեան հետ տխրութիւն եւ հոգ նկարուած կին երեսին վրայ: Չէր խոսէր, չէր նայէր շուրջը, այլ միայն ճամփան կը շարունակէր: ուր ետեւեն շրշայ պատող խումբը թէ իր սպառազինութենեն, թէ՛ խրոխտ եւ զինուորական կերպեն կը յայտնէր թէ թիկնապահք էին այդ պատանուոյն, որ իշխանազուն մ՚էր:

Աշնան շամանդաղը եւ մուխը միատեղ իջան երկրիս վրայ, երբ մեր խումբին գլխաւորը, որ հիսնամեայ, մեծագլուխ, ցլապարանոց մարդ մ՚էր եւ որ երիտասարդին աջ կողմեն կը ձիավարէր, դարձաւ պատանուոյն եւ հաստ, բայց կամաց ձայնով ըսաւ.

– Ահա Վարդանայ բերդ, լոյսերը կ'երեւանք իշխան, քառորդ մը միայն ճանապարհ ունինք: Կ'երեւի թէ շատ յոգնեցար:

– Յոգնութիւնը հոգ չէ՛, Զաւէն, – պատասխանեց երիտասարդը, – մայրս վախեմ մտատանջութեան մէջ է հիմա:

Դարձեալ լռութիւն յաջորդեց, միայն ձիերու սմբակներու ձայնը կը լսուէր. ձիաւոր մը փոթորկելով գնաց աներեւութացաւ, եւ խումբը փոքրիկ լիճի մը քովեն պտոյտ ընելով եւ ժայռն ի վեր բարձրանալով մեծ դռան մը առջեւ կանգնեցաւ. ձիերը սկսան խխնջել եւ գետինը ծեծէի դռները ճռնչեցին բացուեցան, Վարդանաբերդի գաւիթը ջահերով լուսաւորուեցաւ վայրկենին, պատանին հազիւ թէ իջաւ ձիեն` երիտասարդ սեւազգեստ կին մը տեսնուեցաւ, որ դահլիճին սանդուխին գլուխը կեցուած իրեն կը նայէր: Ի՞նչ կար նորա անբացատրելի նայուածքին մէջ: Այսչափ միայն կարելի է զրուցել, որ զգայուն մօր մը բոլոր սէրը, յոյսը այդ նայուածքին մէջ էր, թէպէտ ամսուան մը հեռաւորութիւն միայն բաժնէր էր այս մայրը զաւկեն: Մայր, որդի իրար դիմեցին, համբոյր, գրկախառնութիւն, «որդեակ», «մայր», «սիրելի», «սիրեցեալ», քանի մը կաթիլ արտասուք զուարթ երեսներու վրայ, եւ ահա այդ քնքուշ երիտասարդ մայրը իր զաւկին ձեռքեն առած` իբրեւ թէ յափշտակելով, մտաւ ներս, անցաւ դահլիճը, տարաւ իր սենեակը, նստաւ եւ նստեցուց քովը, հարցմունքներ իրարու կը յաջորդէին, հազիւ թէ կիսակատար պատասխաններու տեղիք կար. հոն ամէն բանի վրայ կը խօսուէր. ճանապարհին վրայ` թէ վտանգ կա՞ր, թէ Ռշտունեաց Տիկինն ինչպէ՞ս էր, թէ Ոստանին հաւնէ՞ր էր որդին, թէ Վանայ ծովը եւ Վարդանաբերդի լիճը ի՞նչ տարբերութիւն ունէին իրարմէ. վերջապէս յայտնի էր թէ մայր մը կար դորովասիրտ եւ որդի մը, որ իւր մայրը կը պաշտէր: Բայց յանկարծ այս մայրը իբր խոր քունէ արթնացաւ, թողուց զաւկին ձեռքը.

– Սակայն դու, որդեակ Գրիգոր, որ այս ժամուս կը հասնիս, անշուշտ անօթի ես. ձայն չես հանէր, եւ ես` վա՛յ ինձ, որ քեզմով միայն համրացեալ` բոլորովին մոռցայ հարցնել… Աղջկո՜ւնք, – կ'ըսէր նաժիշտներոմէ, – շուտ կերակուր հրամայեցեք…

– Իրաւ, սիրելի մայրիկ, ութ թերեւս աւելի ժամ կայ, որ ոչ հաց եւ ոչ ջուր մտած է բերանս, բայց որ քեզ տեսայ մոռցայ անօթութիւն եւ յոգնածութիւն:

– Ո՜հ, – կ'ըսէր մայրը դարձեալ տեսնելով տղուն փոշին եւ քրտինքը, – շուտ ջուր բերէք, զգեստ բերեք…

Եւ երբ կոնքը աղախին մը գուճս բռնած` ուրիշ մը ջուր կը լցնէր, ինք Տիկին մայրը ձիւնի պէս թեւերը սոթտած փոքրիկ բօթիկ ձեռքերով իր զաւակին գլուխը կը լուանար. ծայրերը ոսկեթել բանուած ղենջակով մը սրբեց մազերը, որդուոյն սիրուն գլուխը իւր ձեռքերուն մէջ` համբոյր մը դրաւ ճակատին, եւ նա մայրենի ձեռքը համբուրեց գգուանօք եւ շնորհակալ սրտիւ:

Երիտասարդը կ'ընթրէր եւ մօր հարցմունքներուն կը պատասխանէր միանգամայն:

– Ռշտունեաց Ոստանը չի բաղդատուի մեր պզտիկ դղեակին եւ լճին հետ, բայց եթէ հոն մեծութիւն, ընդարձակութիւն կը տիրէ, հոս վայելչութիւն մը կայ, որ կը գրաւի, հոն եթէ Սէթայ տիկին ընդարձակ գաւառի մը իշխանուհի կը հրամայէ, կը սաստէ, կը պատժէ, կը փււխէ, միշտ զբաղուած հազիւ թէ կանոնաւոր ժամանակ ունենալով ճաշելու եւ ընթրելու, հոս, Բիւրեղ տիկին լռիկմնջիկ նոյն գործքերն աւելի սահմանափակ գաւառի մը մէջ կը կատարէ եւ մայրաբար:

– Դու, որդեակ, լաւ ըսիր թէ հոն ընդարձակ գաւառ մը կայ կառավարելու, եւ ես կը խոստովանիմ թէ Սէթայի ըրածը կարող չե՛մ ընել: Երբ մենք պզտի եւ տարեկից էինք` նա արդէն իր հասակաւ, իր համարձակութեամբ, գործունէութեամբ, եռանդուն բնաւորութեամբ մեծին եւ փոքրին վրայ տեսակ մը իշխանութիւն կը վարէր իւր հայրենի տան մէջ. առանց Սէթայի խորհուրդ հարցնելու բան մը չէ՛ր կատարուէր տան մէջ, իսկ ես, որ իր փոքր քոյրը կը կարծուէի` կը զարմանայի այդ Ամատունեաց Օրիորդին վրայ, որ շատ անգամ առնացի ծպտեալ եղբայրներուն հետ որսի կ'երթար, ժայռերու, ափափայներու վրայ կը ձիավարէր յանդուգն քան զամեն երիտասարդը, եւ որ զարմանալին է` այսպիսի որսի արշաւանքի մը մէջ Թէոդորոս իրեն հանդիպելով եւ առանց սեռը իմանալու` այդ պատանուոյն հետ սիրով կապուէր էր. ուստի օր մը յանկարծ Ամատունեաց դղեակն երթալով եւ իւր եղբարց հետ տեսութենէ վերջ Սիսակը հարցնելու ելեր էր: Եղբարքը շփոթած էին պատասխանի համար, երբ Սիսակ դարձեալ երեւցեր էր Ռշտունեաց իշխանազունին ծանր եւ լուրջ, եւ ամէն նիւթի վրայ ցոյց տուած էր իր սրամտութիւնը: Թէոդորոս, որ 15 – 16 տարու տղու մը հետ տեսութիւն ընել կը կարծէր` յափշտակուած էր դեռաբոյս հանճարեն, բայց վերջն իմանալով թէ Ամատունեաց Օրիորդն է այդ Սիսակը եւ լաւ գիտնալով իւր հօր` Վահրամ Ռշտունուոյն, խստութիւնը հայրենական աւանդութեանց պահպանութեան մասին, գաղտնի խնդրէր էր Սէթայէ, որ այդ համարձակութիւնքը չափաւոր է, եւ քիչ վերջը ծնողաց հաւանութեամբ ամուսնութիւնը կատարուեցաւ: Ուստի մի՛ զարմանար եւ մի բաղդատէր մեր հակառակ բնաւորութիւնները, ինչպէս քու հայրդ, աստուած լուսաւորէ հոգին, խաղաղասէր, հանդարտ, անկարելի էր բաղդատել Թէոդորոսի բուռն եւ խիստ բնաւորութեան հետ:

– Բայց դարձեալ ուսկի՞ց է, որ Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառը եթէ գոհ է իւր Տիկնոջ կառավարութենեն, մեր Կ'ոգովտի գաւառը աւելի գոհ ու երջանիկ է իւր տիրուհուոյն կառավարութենեն:

– Այս նաեւ շատ դիւրին է բացատրէի Սէթայ պարտաւոր է իր Թէոդորոսի պատերազմասէր բնաւորութեան եւ պաշտօնին պիտոյքը հոգալ, զօրք եւ դրամ հասցնել, ո՜յ գիտէ, երբեմն արտաքոյ կարգի յարկեր ձգել երկրին վրայ, երբ մե՛նք` մանաւանդ հօրդ մահուանեն վերջ` կը տեսնես թէ ի՛նչ խնայութեամբ կապրինք… ես կը ճանչեմ Սէթայի բնաւորութիւնը` շատ առատաձեռն է…

– Ո՛չ, մայր իմ, այդ մասին կը սխալիս, Ռշտունեաց Ոստանը` շատ աւելի խնայողութիւն կայ քան թէ հոս. Տիկինը ծեր հազարապետ մը ունի` վերակացու իւր տան` Յուսիկ անուն. մարդ, որ եթէ ագահութիւն բառը չլինէր աշխարհքիս վրայ, կարծող էր ստեղծել. ամէն ոք կը գանգտի նորա դէմ, Տիկինն ինք առաջին, բայց ի՛նչ օգուտ, նա իր ընելիքը կը շարունակէ անխռով:

– Սէթայ ինչպէ՞ս կը համբերէ այդ մարդուն, իշխանը ուրեմն

– Ո՛չ, Սէթայ ինքն այդ մարդը պաշտօնի կարգեր է, եւ թէպէտ ամէն օր հետը կը վիճէ, բայց միշտ կը պահէ, եւ կը զրուցէ նաեւ թէ իր ամենահարկաւոր մարդը Յուսիկն է:

– Կ'երեւայ թէ Սէթայ ինքզինքը կը դաստիարակէ, – ըսաւ Բիւրեղ ծիծաղելով: – Բայց դու ինչպէ՞ս ժամանակդ կ'անցնէիր, Վարդ ինչպէ՞ս տեսար, ես փոքր տղայ զինք ճանչցած եմ:

– Շատ լաւ կորովի պատանի մ՚է, իւր մեծ զուարճութիւնը որսն է, երբեմն իրեն կ'ընկերանայի:

– Ըսել կ'ուզես թէ ակամայ:

– Բնական է, մայրիկ, ես միտքս չե՛մ դրած թէ մարդս միայն լեռները չափելու հայքար է ստեղծ եալ, մարդ ունի նաեւ աննիւթական մաս մը` նիւթականին հետ այն ալ պէտք է յագեցնել:

– Հիմա որ ընթրեցիր, ժամ է երթաս հանգչիս:

– Բայց, մայրիկ, քոյրերս երկուքն էլ քնացա՞ծ են, լաւ՞ են, առոյ ղջ են:

– Երկուքն էլ լաւ եւ հանգիստ են:

– Քեռիս, Կամսարականն ո՞ւր է:

– Քու Վասպուրական երթալեդ երկու-երէք օր վերջը թողուց գնաց Շիրակ, նա գիտես, առանց քեզի չի կրնար ապրիլ: Կ'երեւի թէ Բադրեւանդ իրեն համար անապատ է, երբ դու չի կաս: Հաւանական է թէ վաղը կամ միւս օր կ'ուգայ:

– Ես էլ զինքը շատ կը սիրեմ, բայց կը փափագէի, որ զիս քիչ մը հանգիստ թողուր իւր զինամարզութեամբք եւ քարոզութեամբք, որ միշտ կսկսին` «Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց սերունդի մը այսպէս կը վայելէ լինիլ կամ այդպէս չի վայելէր»:

– Շատ բարի, որդեակ իմ, – ըսաւ մայրը ժպտելով, – կարծեմ թէ երեք օր մը ազատ կրնաս լինիլ մօրեղբօրդ ձեռքեն, դժբախտութիւն մը եթէ կայ, հոն է, որ մայրդ զքեզ ազատ պիտի չի թողու, երբ ամսուան մը հեռաւորութեամբ այնչափ կ'արօտցէր է:

– Այդ դժբախտութիւնը դու լաւ գիտես, սիրելի մայր, թէ իմ երջանկութիւնս է:

Այս ըսելով Գրիգոր մօրը ձեռքը համբոյրներով կը ծածկէր, եւ հրկուքն էլ կը պատրաստուէին ելնելու, երբ ամրոցին մեծ դռան զարկը երեք անգամ բախեց: Գրեթէ կ'էս-գիշէր էր, մայր ու տղայ իրարու երես նայեցան եւ իրենց նայուածքը հարցական մ՚էր թէ ո՞վ կրնար լինիլ այն ժամանակ եկողը:

Նոյն հարցմունքը կրկնուեցաւ նաեւ նոյն միջոցին վարը պահապանաց եւ զօրականաց սենեակներուն մէջ: Զաւէն անձնապահապետը, որ կօշիկները հանած` նստած տեղը մրափելով իր մարսողութիւնը կը կատարէր, ցատկեց շտկուեցաւ եւ իւր երկու խոր եւ փայլուն աչքերը դէպի դուռն սկսան նայիր Դուրսի մեծ դռան պահապաններուն ամէնքը ուշ կը դնէին եկողին կամ եկողներուն հետ կը խոսէին: Զտուեն արագութեամբ սուրը գլխուն վրայեն յափշտակելով դուրս ելաւ եւ դուռը դիմեց:

– Բացէ՛ք, բացէ՛ք, իշխանն է, Հայոց զօրավարը, Թէոդորոս Ռշտունին, – կ'ըսէր դուրսեն ձայն մը:

– Այս ժամանակ ամրոցին դուռը չի բացուիր, – կը պատասխանէր դռնապանը, – ո՛վ կուզէ թող լինի: Վաղն առաւօտ լոյծս աչքով բարի եկաք, հազար բարով:

– Տէ՛, դուք հայ չէ՞ք, քրիստոնեայ չէ՞ք, Հայոց զօրավարը գիշերով դուրս կը ձգէք:

Այս վիճաբանութեան վրայ էին, երբ Զաւէն` դռնապանին քովն եկաւ եւ կամաց ձայնով քանի մը խօսք զրուցեց եւ մթութեան մէջ անհետ եղաւ: Նոյն միջոցին դուրսն էլ լռութիւն հաշորդեց:

Զտուեն շրջան մը ըրտվ բերդին քարաժայռին մէկ կողմը, գաղտնի փոքրիկ դռան մը գնաց եւ ամենայն զգուշութեամբ բացաւ. հոն պահապան մը դնելով ինք անշշունջ ելաւ դուրս եւ իջաւ վար նայելու համար թէ ի՛նչ մարդիկ էին եկողները, տեսաւ քանի մը ձիաւորք, որ կեցէր կը գանգտէին թէ Հայոց զօրավարը անձամբ հասնելով դռները փակ պիտի գտնէր, եւ թէ այդ անծանօթը պատճառ եղած էր զիրենք ի Վարդանաբերդ բերելու: Այս խօսքերը լսելով Զտուեն առանց դանդաղելու դարձաւ մտաւ իւր փոքրիկ դռնեն ներս եւ ամուր աղխելեն վերջ գնաց դռնապանին եւ հրամայեց դռները բանալ անյապաղ:

– Բարո՜վ, բարով, եղբա՛րք, ձեր գալուստը, – ըսաւ Զաւէն, – մի՛ զարմանաք եթէ զգուշութեամբ կը շարժինք այսպիսի ժամանակ, դուք էլ մեր տեղն եթէ լինիք կարծեմ թէ այսպէս պիտի շարժէիք:

– Ճշմարիտ է, եղբայր, ըսածդ, բայց մենք Հայոց զօրավարին անունը ձեզ տուինք, որ ճամփան շեղեց գիշերս հոս օթագայելու համար, եւ այդ` հրաւիրանոք Կամսարական Սուրէն իշխանի մը, որ մեզի հետ ընկերացաւ, – պատասխանեց զօրականաց մէկը, որ աւելի նշանաւորն էր իր ընկերաց մէջ, արեւեն սեւցած երեսովը, փայլուն աչքերովը, վզին ահագին հաստութեամբը:

Զաւէն շուտ մը ներս մարդ ղրկեց իմացնելու համար Թէոդորոսի գալուստը Սուրէնի հետ: Արդէն Տիկինը եւ Գրիգոր պատուհաններէն մտիկ ընելով եւ լսելով այս խօսակցութիւնը, հրամայեցին սպասաւորաց լուսաւորել դահլիճը, երբ ձիոց խխնջիւններու եւ սմբակներու ձայնը, զինուց շառաչիւնը եւ ջահերուն աղօտ լուսին փայլը անսովոր եւ յանկարծական կենդանութիւն տուին Վարդանաբերղի գաւթին, կէս-գիշերուն լռութեան մէջ:

Պալատին ներքին դուռը բացուեցաւ, սպասաւորը ջահեր ձեռվնին եւ Գրիգոր առջեւեն իջան հիւրերը դիմաւորելու, եւ ահա ինքն Հայոց զօրավարը եւ քովեն Սուրէն Կամսարական սանդուխներէն վեր կ'ելնէին:

– Որդեակ Գրիգոր, բարի է գալուստդ, – ըսաւ Սուրէն եւ պատանին համբուրեց, – քեզ այս երեկոյ տեսնելու յոյս չունէի: Ահա այս գիշեր ձեզ երեւելի հիւր մը բերի, տեսնենք ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընես:

– Ռշտունեաց Տէրը մեր փոքրկութիւնը կը պատուի, ինքն է տանտէրը, ինքն, որ յոյս եւ ապաւէն է բոլոր այ ազգին:

– Յոյս եւ ապաւէն աստուած ինքն է միայն, որդեակ իշխանազուն, – ըսաւ Թէոդորոս իր խոր եւ մեծ հայեցուածքը պատանուոյն վրայ դարձնելով:

Այսպէս մտան մինչեւ մեծ դահլիճը այս երեք անձինք հետեւեալ քանի մը սպասաւորաց եւ թիկնապահաց, ուր վառարանը արդէն փայտերու բոցով կը ճարճատէր եւ կանթեղներու լոյսը կը զօրացնէր: Այդ աշնան ժամանակին գիշերները բաւականին զգալի եւ ցուրտ են Հայաստանի այս կողմերը, եւ Թէոդորոս ախորժ աչօք նայեցաւ այդ բոցոյն եւ մօտեցաւ վայրկեան մը վառարանին:

Իսկ երբ Հայոց զօրավարը թողուց վառարանը եւ դարձաւ` Սուրէն ու Գրիգոր անհետացած էին. իւր թիկնապահաց ակնարկ մը ձգեց, եւ ահա մէկը յառաջացաւ` սաղաւարտն առաւ գլխեն, եւ իւր նշանաւոր գլուխը երեւցաւ: Թէոդորոս Ռշտունեաց Տէրը միջահասակ եւ հազիւ թէ յիսուն տարու մարդ մը կ'երեւար այն ատեն. իւր լայն ճակատը, իւր յօնքերու զօրեղ կամարը, իւր ծանր եւ անխռով նայուածքը, իւր արծուի քիթը, իւր լայն կուրծքը, իւր բոլոր կերպարանաց հզօր համեմատութիւնը, աւելցնենք ասոնց վրայ իւր հակիրճ եւ վճռական խօսակցութիւնը` առաջին ակնարկին յայտնի կ'ընէին նշանաւոր մարդը, որ հրամայելու համար ստեղծուած էր:

Նոքա, որ կը ճանչէին զինքը, գիտէին իւր արդարութեան ոգին, գիտէին իւր քաջասրտութիւնը, գիտէին իւր անդրդուելի հաստատամտութիւնը, իւր հայրենի կրօնից հաւատարմութիւնը, եւ որ հազուագիւտն էր` մեծ եւ պզտի նախարարաց մէջ` գիտէին ժողովյչրդեան վրայ անազատ եւ շինական ժողովրդեան վրայ իւր ունեցած գութը, որ միայն ճշմարիտ հայրենասիրութիւն կրնայ համարուիլ: Շատ անգամ, երբ բարձակից նախարարաց հետ կը խոսէր, կը յիշեցնէր թէ իրենց պարտաւորութիւնը ժողովրդաց հայր եւ պաշտպան լինիլն էր եւ ոչ հարստահարել, թէ աստուած համար պիտի պահանջէր այն անիրաւութեանց, որ հաւասար օտարին` կը գործադրէին զանազան գաւառներու մէջ: Եւ իշխանք, որ զաստուած շատ հեռու կը գտնէին իրենց անզգամութեանց սանձ դնելու համար` Թէոդորոսի երկիւղեն արդարութեամբ կը կառավարէին իրենց վիճակը: Ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, որ ոչ զազգը շողոքորթելու եւ ոչ նախատելու մէջն է` կը զգար իւր արդար սիրտը եւ ուղիղ խորհրդածութիւնը. ինք կը տեսնէր եւ լաւ կը հասկնար թէ հայ ազգին թշուառութեան պատճառն զօրաւոր ազգային կառավարութիւն մը չլինելեն եւ նախարարաց անկոպար իշխանութենեն առաջ կ'ուգար, որով երկրին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն եւ փոքրիկ բռնաւորներ կը տիրէին, ստրուկք եւ խաղալիք օտարին: Եթէ ինք, որ հանճարի մարդ էր կը ջանար համոզել նախարարաց երեւելիքը միանալ դաշնակցութիւն մը կազմել օտարին բռնութենեն ազատելու հայրենիքը եւ արդարութիւնը թագաւորեցնելու համար, կային այնպիսի թուլամորթ կամ չարակամ կամ կարճատես մարդիկ, որ փախուստ կ'ուտային այդ միաբանութեան կապեն, երկրին տարածութիւնը, լեռներու անջրպէտքը ցցնելով, որոնց Թէոդորոս կը հարցնէր իրաւամբ թէ «ինչպէ՞ս ուրեմն այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ` այդ լեռներու բարձրութենեն հայ կրօնք եւ հայ լեզու կրցեր էր ճամփայ գտնել եւ միացնել այդ ժողովուրդները հայ ազգութիւնը կազմելու համար»: Այդ մարդը, որ աչքերը տնկած Սասանեանց հզօր գահույից անկումը գուշակած էր, վասնզի ապականութիւնը եւ փտութիւնը տեսած էր թէ ի՛նչ աստիճանի հասած էին հոն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ, այդ մարդը, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս նոյն տեսարանը նկատած էր Բիւզանդական խարդախ եւ թունալից կառավարութեան մէջ, եւ հիմա կը տեսնէր Արաբիոյ անապատներէն վայրենի եւ բարբարոս կրօնամոլ ամբոխ մը, որ հազիւ թէ լսելի եղած աշխարհքիս` իբրեւ հրաբուխի բորբոքեալ գետ մը կը դիմէր, կը հասնէր, կը տոչորէր յաջորդաբար Դամասկոս, Եփես, Երուսաղէմ, Հալէպ, Անտիոք, Մեմփիս, Աղեքսանդրիա, Տիզբոն, որ ոչինչ չէր խնայէր, ոչ հասակ, ոչ սեռ, ոչ ալիք, ոչ սրբութիւն եւ ոչ կրօն, եւ որ սոսկալին է, կը տեսնէր ույդ հրեղէն գետը հասած դիզուած Հայաստանի սահմանագլուխը սպառնալից. դառնացեալ կը մտածէր եւ իր բոլոր միտքն ու ջանքը հոն էր, որ այս պատուհասը հեռացնէ իւր հայրենեաց վրայեն: Եւ այս վիճակին դարման տանելու համար Յունաց Սպարապետը գնացեր տեսեր էր Կարին, եւ համոզէր էր զինքը ամենայն քաղցբութեամբ` զօրաւոր փաստերով եւ ապագային ահագին վտանգներն առաջ դնելով թէ պէտք էր շարժիլ եւ շարժիլ ամէն զօրութիւն: Եւ ինք անգործ չի մնալով կը շրջէր գաւառէ գաւառ` կը յորդորէր զամենքը եւ կը զօրացնէր հայկական գունդը:

Այս պտտճառաւ անցէր էր նաեւ Շիրակայ, որ այն ժամանակներ Կամսարականաց կը պատկանէր, եւ ուր Սուրէն իրեն ընկերացեալ զօրաց մեծ մասը Վարդանայ կերտ թողլով` փոքր խումբով Վարդանաբերդ եկած էր Կամսարական իշխանին թախանձանոք, որպէսզի աւելի հանգիստ ըէէ:

Հազիւ թէ սաղաւարտը թողէր էր Թէոդորոս` կապոց մը գիշերային զգեստներ բերին սպասաւորք եւ Հայոց զօրավարը բոլորովփն սպառազինութիւնը թողած առաւ սամոյրը վրան եւ երբ կուզեր տարածուիլ բազմոցին վրայ հանգչելու համար, ներս մտաւ Սուրէն քրոջը հետ միասին: Մամիկոնեան Տիկինը կ'ուգար համառօտ եւ ազնիւ խօսքերով բարի գալուստ մաղթելու Հայոց զօրավարին: Թէոդորոս քաղաքավար եւ քաղցր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած հիւրընկալութեան, մանաւանդ որ ինք միշտ կը յիշէր թէ ինչ սերտ բարեկամութիւն կը կապեր Մամիկոնեան Տիկինը իւր կնոջ հետ:

– Ես շատ ուրախ եմ, Տէր, պատասխանեց Տիկինը, որ Գրիգոր այս վայրկեանիս դառնալով Ռշտունեաց Ոստանեն, ինձ բարի Հուրեր տուաւ ձեր Տիկնոջ եւ զաւակաց վրայ:

– Նո՞ր կ'ուգաս Ոստանեն, որդեակ Գրիգոր, եւ ամէնը ո՞ղջ, առո՞ղջ էին:

– Այո, Տէր, – պատասխանեց Գրիգոր:

– Երկիրս ի՞նչ վիճակի մէջ տեսար, որդեակ:

– Երջանիկ այնքան, որքան ոչ մի տեղ Հայաստանի մէջ:

– Ինչպէս Կ'ոգովտի գաւառը: Երկու-երէք անգամ այս տարուան մէջ անցայ այս տեղաց. եւ միշտ, ինչպէս սովորութիւնս է, գեղերը գիշերեցի. ամէն տեղ տեսայ երջանկութիւն. եւ Մամիկոնեանց Տիկնոջ գովութիւն եւ օրհնութիւն լսեցի այդ բարի եւ պատուական շինականաց բերնեն: Քիչ-քիչ ինձ համոզմունք կը դառնա թէ մենք երջանիկ ընելու համար ժողովուրդը կանանց պէտք է յանձնենք երկրին կառավարութիւնը, եւ միայն պատերազմով զբաղինք, միայն եթէ այն եւս կարէնայինք յաջողութեամբ ի գլուխ հանել:

Եւ այս վերջի խօսքերն այնպիսի տխուր եղանակով մը զրուցուեցան, որ Սուրէն անգամ սկսաւ մտածել թէ ինչ պատասխան պէտք էր տալ: Բարեբախտաբար երկու սպասաւորք փայլուն պղնձէ սեղան մը բերին արծաթեայ սկաւառակներով բեռնաւորեալ, որ զանազան համադամք կը պարունակէին:

Տիկինը քաշուեցաւ գնաց իւր սենեակները, Սուրէն միայն սեղանակից եղաւ իշխանին, որ սակաւապետ եւ չափաւոր ընթրիքը շուտով վերջացուց եւ բարի գիշեր մաղթելով Սուրէնի եւ Գրիգորի իրեն պատրաստուած անկողինը մտաւ զբաղած երկրին պաշտպանութեան խորհրդովք մինչեւ որ քունը հասաւ մտքին եւ մարմնուն հանգիստ տալու համար: Նոյն վիճակին մէջ է նաեւ Գրիգոր, բայց իւր միտքը երկրի պաշտպանութեամբ չէր զբաղէր, այլ Ռշտունեաց Օրիորդին քաղցր պատկերը զինք կը յուզէր:

Бесплатно

5 
(1 оценка)

Читать книгу: «Թէոդորոս Ռշտունի»

Установите приложение, чтобы читать эту книгу бесплатно

На этой странице вы можете прочитать онлайн книгу «Թէոդորոս Ռշտունի», автора Ծերենց. Данная книга имеет возрастное ограничение 12+, относится к жанрам: «Исторические любовные романы», «Литература 19 века».. Книга «Թէոդորոս Ռշտունի» была издана в 2017 году. Приятного чтения!